Պատմական ակնարկ
Պատմական Հայաստանի տասնըհինգ նահանգներէն՝ որոնք մանրամասնօրէն նկարագրուած են 7-րդ դարու աշխարհագրագէտ Անանիա Շիրակացիի կողմէ, Արցախը վերջինն էր, որ հայաթափուեցաւ։ Տարածաշրջանին մէջ, յատկապէս Թուրքիոյ մէջ, սովորութիւն է, որ այս բնաջնջումը ուղեկցուի Հայերու բազմադարեան ներկայութեան հետքերը վերացնելու համակարգուած ջանքերով, որոնց մէջ ամենայայտնին՝ կոթողական ժառանգութեան ոչնչացումն է։
Հայերու ներկայութեան բնաջնջումը իրականութեան մէջ կեդրոնական տարր է “ազերի” ինքնութեան կառուցման մէջ, ժամանակակից եզր մը, որ կ’օգտագործուի նշելու համար “Կովկասի թաթարները”։ Այս ոչնչացումը երբեմն դանդաղ ձեւեր կ’առնէ, ինչպէս՝ քայքայիչ ճնշումներու քաղաքականութիւնը, պաշարում/շրջափակում, եւ ենթակառուցուածքային ծրագիրներ, որոնք Արցախը ամբողջովին կախեալ կը դարձնեն Պաքուի իշխանութենէն՝ ինչպէս որ էր Խորհրդային Միութեան կարճ պատմութեան ընթացքին։ Աւելի ընդարձակ իմաստով, ան նաեւ կ՛արտայայտուի տեղական իշխանութիւններու կողմէ խնամքով պահպանուած բացայայտ ձեղապաշտութեամբ։
Որոշ առումներով, ներկայիս Պաքուի իշխանութեան գլուխը գտնուող քաղաքական վերնախաւը Երիտ Թուրքերու ժառանգորդն է, որը խորհրդային “Ատրպէյճան” մը ստեղծած էր Կովկասի պոլշէվիկներու գործակցութեամբ, կցելով անոր թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղը եւ թէ՛ Նախիջեւանը։ Այդ վերնախաւը այսօր կ’օրինաւորացնէ ինքզինք կանոնաւորաբար գործածելով վերաքննողական հռետորաբանութիւն, որ լայնօրէն արձագանգ կը գտնէ որոշ մտաւորական շրջանակներու կողմէ, մինչեւ վերջերս՝ նաեւ Եւրոպացի ակադեմականներու մեղսակցութեամբ։ Իրականութեան մէջ, անոնք կը բաժնեն նոյն ժխտողական քաղաքականութիւնը, որ կիրարկուեցաւ 1915-ի ցեղասպանութեան պարագային։
Այս երկարատեւ գործընթացի շրջանակին մէջ, քեմալականները նոյնիսկ յաջողեցան՝ տարածքային փոխանակման միջոցով Իրանի հետ, ձերք ձգել նեղ գօտի մը, կապելով Թուրքիան Նախիջեւանին։ Կանոնաւորաբար, երկու պետութիւններն ալ կը շարունակեն իրենց օրակարգը, եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հայութիւնը արմատախիլ ընելէ ետք, այժմ կը թիրախաւորեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։
Այս ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ Արցախցիներու կրած աղէտը, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան խոր անտարբերութիւնը այս իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Այս իրադարձութիւններէն քաղուող դասը պէտք է յստակօրէն վաւերացնել նաեւ ունենալ արգելիչ ուժ, որպէսզի կարելի ըլլայ խաղաղ գոյատեւել: