Իւան Թրաւեր ծնած է 1948-ին Կոտընթեն (Նորմանտիա). ան անցուցած է իր մանկութիւնը այս մութ սակայն պայծառ աշխարհի մը մէջ՝ կերտուած հովով, օրօրուած ճամբորդական պատմութիւններով …: Մեծ որսերէ վերադարձ, պատերազմէ վերադարձ, կորսուած յիշողութիւններ՝ անդրատլանտեան հսկայ նաւերու …: Այնքան որքան տեսանելի են աչքով, կ’երկարին Կոտընթենի ավազաթումբերու անսահման հովիտները յիշեցնելով դիտողին Կեդրոնական Ասիոյ տափաստանները։ Ան տակաւին քսան տարեկան չէր, երբ միայնակ ճամբայ ելաւ դէպի Եթովպիա, Սուրմա ցեղերու մօտ։ Գուիժոյէն մինչեւ Միանմար, Արժանթինէն Չատ, Լոնտոնէն Ալժիէր ու մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի լեռները՝ ան երբեք չդադրեցաւ ճամբորդելէ։ Աւելի քան վաթսուն տարիներ, երբ արդիականութիւնը կը սուրայ աշխարհի վրայ եւ կարծէք կը ջնջէ սահմանները, ան փաստացիօրէն ապացուցանած է թէ՝ կարելի է դեռ ճամբորդել։
Հազարաւոր լուռ փոքրիկ աշխարհներու արտայայտիչ, Իւան Թրաւեր բաժին կը հանէ այդ բանաստեղծական հայեացքը՝ որ ունի յանդգնութիւնը ցոյց տալու՝ աշխարհի մը մէջ, որ այլեւս միայն ձգտում ունի ապացուցանելու, հայեացք մը, որ միաժամանակ անկեղծ է ու եզակի։