Ecoutez le texte

Այս 95-ամեայ տարեց կինը, որ հոս կը տեսնանք իր հարեւանուհիի ենկերակցութեամբ, յեղաշրջուած գտաւ իր կեանքը Արցախի առաջին պատերազմի պատճառաւ։

Իր չորս որդիները, հազարաւոր ուրիշներու նման զոհուեցան այս հակամարտութեան ընթացքին՝ մերժելով իրենց հայրենի հողերուն կցումը Ազրպէյճանի, վճարելով այս պայքարը իրենց կեանքովը։ Այս վարչական պարտադրանքը երբեք չէ ընդունուած բնակչութեան կողմէ, ինչ որ պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ Ռուսական Կայսրութեան անկումը փոխեց տարածաշրջանի քաղաքական քարտէսը, Արցախի Համաժողովը քուէարկեց՝ մերժելով իր ենթակայութիւնը նորաստեղծ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, եւ ապա՝ Հայաստանի միացման օգտին։ Սակայն, այս ցանկութիւնը շուտով մերժուեցաւ պոլշէվիկ կուսակցութեան կողմէ։

1923 թուականին Արցախը վերածուեցաւ ինքնավար մարզի, սակայն ան բազմաթիւ առիթներով վերահաստատեց իր կամքը։ Այս տենչանքը անգամ մը եւս հաստատուեցաւ 1988-ին՝ շրջանային խորհրդարանի քուէարկութեամբ, բայց դարձեալ անտեսուեցաւ կեդրոնական իշխանութիւններու կողմէ։

1991-ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, տեղական հայկական համայնքը մեծամասնութեամբ քուէարկեց անկախութեան օգտին, որ աւելի վերջ պաշտօնապէս հռչակուեցաւ։ Յետոյ, 2017-ին, 87%է աւելի քուէատու հանրաքուէով ընդունեցին Արցախի նոր սահմանադրութիւնը։ Ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ բնակչութեան լայն մեծամասնութիւնը վաղուց ձգտած էր ունենալ անկախ պետութիւն։

Սակայն, թէպէտ ժողովրդավարական հաստատութիւններ ստեղծուեցան, այս ձգտումը երբեք հաշուի չառնուեցաւ, քանի որ Արցախի Հանրապետութիւնը միջազգային մակարդակով չճանչցուեցաւ։ Մինչդեռ ՄԱԿ-ի 1945-ին ստորագրուած խարտիային մէջ վերստին հաստատուած էր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը, սակայն գործնականին մէջ այս իրաւունքը գործադրելն շատ բարդ է, յատկապէս աշխարհի մասնատման վտանգի պատճառաւ։

Այդ իսկ պատճառով, միջազգային մարմինները ընդհանրապէս գերադասած են տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը՝ կայունութեան երաշխիք համարելով զայն, ինքնորոշման իրաւունքէն վեր դասելով։ Այսպիսով, Ազրպէյճան կրնայ իր օրինաւոր ինքնիշխանութիւնը պահանջել Արցախի վրայ։ Քանզի, թէպէտ Արցախի բնակչութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ հայ էր, այդ տարածքը 1921-ին պոլշէվիկեան կուսակցութեան Կովկասեան ճիւղի կողմէ յանձնուած էր Ազրպէյճանին՝ Խորհրդային Միութեան ազգութեանց հարցերու պատասխանատու ժողովրդական կոմիսար Իոսիֆ Ստալինի համաձայնութեամբ։

Այս որոշումը երբեք հարցականի տակ չէ դրուած ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու կողմէ։ Առաւել եւս այսօր, երբ Ազրպէյճանի ազդեցութիւնը՝ որպէս կազի ու նաւթի արտադրող երկիր, անհամեմատ աւելի մեծ է՝ քան աւելի փոքր, ժողովրդաթափուած ու տկարացած Հայաստան մը – մի երկիր, ուր այժմ ապաստան գտած են բազում գաղթական կիներ, որոնք հարց կու տան՝ ինչո՞ւ իրենց զաւակները զոհուեցան Արցախի պաշտպանութեանը համար։