Ecoutez le texte

Մօտաւորապէս 4-րդ կամ 5-րդ դարերէն ի վեր գոյութիւն ունեցող Ծիծեռնավանքի երեք խմբարանով եկեղեցին ամենալաւ պահպանուածն է վաղաժամ-քրիստոնէական շրջանի Հայաստանի տարածքին վրայ գտնուող եկեղեցիներուն մէջ։

Ինչպէս բազում այլ կրօնական յուշարձաններու պարագային, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը վերաձեւէ պատմութիւնը՝ ուրանալով այս վանքի հայկական անցեալը եւ զայն վերագրելով Կովկասեան Ալպանացիներուն։

Կովկասեան Ալպանիոյ թագաւորութիւնը գոյութիւն ունեցած է առաջին հազարամեակին՝ ներկայ Արցախի հիւսիսը: Թագաւորութեան բնակիչներէն փոքրամասնութիւն մը կարողացած է պահել քրիստոնէութիւնը՝ յետ արաբական 7-րդ դարու արշաւանքին իրենց պետութեան անհետացումը, իրենց եկեղեցիին անկախութիւնը կորսնցնելը՝ մտնալով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծալքին մէջ։ Այսօր, այս խմբաւորումի մի քանի հազարէ բաղկացած ժառանգորդները՝ Ուտիները, կը գործածուին Պաքուի կողմէ։ 2023-ի Ապրիլին, Ուտիներու բանբերը յայտարարեց, որ իրենց համայնքը «այցելած է հին Ալպանական տաճարը Աղօղլան» (Ատրպէյճանցիներու օգտագործած անունը Ծիծեռնավանքի փոխարէն), իսլամներու սուրբ ամիս՝ Րամատանի առթիւ։ Հոս իսկ կարելի է հարցաքննել հետապնդուող տրամաբանութիւնը:

Ծիծեռնավանքի աշխարհագրական դիրքը կը յիշեցնէ մեր մօտաւոր անցեալի այլ ցաւալի դէպք մը։ Վանքը կը գտնուի Լաչինի միջանցքի մօտակային՝ այն հողաշերտը, որ 2020 Նոյեմբեր 10-ի զինադադարէն ի վեր Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ կապ կը հաստատէր։ Ըստ այդ համաձայնութեան, Պաքուն պարտաւորուեցաւ երաշխաւորել այս միջանցքի ապահով երթեւեկութիւնը՝ ռուս խաղաղապահ ուժերու հսկողութեան տակ։

Սակայն, 2022-ի Դեկտեմբերին, անտեղի պատրուակներու տակ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը փակեցին Լաչինի միջանցքը։ Արդէն, Արցախի բնակիչները չէին կրնար հասնիլ Հայաստան. հետեւաբար դադրեցան սննդամթերքի, դեղորայքի, վառելանիւթի ու կենսական այլ ապրանքներու մատակարարումը։ Այսպէս սկսաւ մարդասիրական ծանր ճգնաժամ մը ու շարունակեց վատթարանալ մինչեւ 2023 Սեպտեմբեր, երբ մնացած 100,000-է աւելի բնակիչները ամբողջովին թողել պարտաւորուեցան այդ տարածքը՝ իրենց հայրենիքը։