
Հին Տիգրանակերտ քաղաքի տարածքին վրայ կանգնած է Վանքասարի փոքր եկեղեցին կամ մատուրը՝ կառուցուած 7-րդ դարուն ։
Ինչպէս իր անունը կը նշէ, Տիգրանակերտը հիմնադրուած է Մեծն Տիգրանի կողմէ, որ Հայկական պատմութեան ամենակարեւոր արքան էր։ Մ.թ.ա. առաջին դարուն Մեծն Տիգրան Հայաստանը դարձուց տարածաշրջանի ամենահզօր պետութիւնը։ Իր թագաւորութիւնը կը տարածուէր Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական եւ Պոնտոսի լեռներուն (որոնք կը շրջապատեն Սեւ ծովը) ու մինչեւ Պարսկաստանի հիւսիսը։
Հետ 2006-ի պարսպապատման մնացորդներու յայտնաբերումը, շարունակաբար պեղումներ կատարուէցան մինչեւ երկրորդ Արցախեայ պատերազմը։ Այս պեղումները բացայայտեցին միջաբերդի եւ քաղաքի մը գոյութիւնը, որոնք գործած են մինչեւ 13-րդ դար։ Հայտնաբերուած են տասնեակներով կաւեղեն իրեր, զարդեր եւ առօրեայ գործածութեան առարկաներ, ինչպէս նաեւ նեկրոպոլիսի եւ վաղ Քրիստոնէական եկեղեցիի աւերակներ, որոնք կը վկայեն քաղաքի կարեւորութիւնը որպէս վարչական եւ կրօնական կեդրոն։ Սակայն, տասնամեակներէ ի վեր, ազերիական իշխանութիւնները կը փորձեն մերժել այս ինքնութիւնը, յատկապէս ներկայացնելով վաղ Քրիստոնէական եկեղեցին որպէս բաղնիք եւ թաղման թակոյկները որպէս ջրի անօթներ։
Այն լեռը, ուր կը գտնուի սոյն մատուռը, կը կոչուի Վանքասար, որ կը նշանակէ «վանքի լեռ»։ Այս կը մատնանշէ, որ անիկա փոքր մենաստանային համալիրի մաս եղած է։ Վանքասարը քանիցս ենթարկուած է պատմական հետքերը ջնջելու բազմաթիւ փորձերու։ Արդէն սովետական ժամանակաշրջանին այսպես կոչուած վերականգնումի մը ընթացքին ջնջուած էին որոշ բնօրինակ յատկանիշներ, ներառեալ՝ իր դռան վերեւ փորագրուած խաչի զարդերը։ 2024 թուականի յունուարին աւելի խորհրդանշական քայլ մը կատարուեցաւ. գմբէթը զարդարող խաչը հեռացուեցաւ՝ այս վայրի վրայ Քրիստոնէական ներկայութեան ջնջումը վերջնականացնելու նպատակաւ։