
Դադիվանքի (յայտնի նաև Առաքելոց, Առաքելադիր անուններով) վանքին մէջ կը պահպանուին բազմաթիւ հայատառ արձանագրութիւններ, ինչպէս անոնք, որոնք ցոյց կու տայ վանքի վէրջին քահանան՝, որ հոն պատարագեց նախքան 2020-ի վերջերը ազերիական ուժերու կողմէ վանքէն արտաքսուիլը։
Հայոց այբուբենը ստեղծուած է Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ, որ գրագիր եւ գիտնական մըն էր, ապրած՝ 4-րդ եւ 5-րդ դարերու շրջագծին։ Թագաւորին ծառայութեան մէջ գտնուելով, ներշնչուած արքունիքի բերանացի լեզուով ան փորձեց զայն համապատասխանեցնել այբուբենի մը։ Մեսրոպ Մաշտոց Ասորական լեզուն՝ որ Մերձաւոր Արեւելքի ամենատարածուած լեզուն էր, շրջանին գլխաւոր դպրոցներուն մէջ ուսումնասիրելու նպատակաւ ճամբորդութիւն մը կատարելէ ետք, ճշդեց Հայերէնի գրաւոր, հնչիւնային եւ ուղղագրական կանոնները։ Իր ստեղծած 36 տառերուն միջնադարուն աւելցան երկու տառեր եւս։
Այս գիւտը համեմատաբար ուշ կատարուած է, քանի որ այդ ժամանակ գրաւոր խօսքը կասկածանքով կը դիտուէր բնակչութեան կողմէ, որ զայն կը տեսնէր որպէս օտար թագաւորներու ծառայող հարկային կամ գաղափարական գործիք։ Սակայն, երբ առաջին գիրքը, որ գրուեցաւ Հայերէնով, Աստուածաշունչը եղաւ, Հայերը զայն սկսան նկատել որպէս Աստուծոյ պարգեւ։ Այս նախապաշարումը փոխակերպուեցաւ իրական պաշտամունքի, որ շարունակուեցաւ մինչեւ մեր օրերը։ Ամէն աշուն, Հայերը կը տօնեն Սուրբ Թարգմանչաց տօնը։ Մեսրոպ Մաշտոցի առաջնորդութեամբ, անոնք թարգմանեցին եկեղեցւոյ առաջին հայրերու գործերը Յունարէնէ եւ Ասորերէնէ։ Այս թարգմանիչներու դերակատարութիւնը անզուգական էր, որովհետեւ Մաշտոցի մահէն՝ 439 թուականէն ետք, Հայաստանի թագաւորութիւնը այլեւս գոյութիւն չունէր։ Միայն լեզուն եւ կրօնքը մնացին։ Այսպիսով, գիրը դարձաւ համախմբման հիմնարար տարր մը ժողովուրդին համար։
Անոնց օրինակին հետեւելով՝ բոլոր ժամանակներուն Հայ գրագէտները ջանք չխնայեցի՛ն աշխարհը շրջելու, գիտական, պատմական կամ այլ գիտելիքներու մասին տեղեկութիւն ձեռք բերելու եւ զանոնք թարգմանելու համար՝ իրենց մշակոյթը կենդանի պահելու նպատակով։ Մինչեւ այսօր, սփիւռքի մէջ ապրող շատ Հայեր կը տիրապետեն իրենց լեզուին։ Հայերէնը կը մնայ որպէս յենարան եւ շօշափելի կապ մը՝ նախնիներու երկրի հետ, այդ պատմութեան ծանրութիւններուն դիմադրող ժողովուրդի մը համար։