Ecoutez le texte

Իր պարզութեամբ, նո՛յնիսկ պարզամտութեամբ, ու գծագրութեան ժուժկալութեամբ, Վերջին Ընթրիքի այս պատկերացումը, որ ընտրուած է ԺԳ. կամ ԺԴ. դարու ձեռագիր մագաղաթեայ գիրքէ մը, կը ներկայացնէ Հայկական մանրանկարչութեան կարեւոր հոսանք մը։

Սակայն ան յատկապէս կը տարբերի իր կազմութեան, գոյներու եւ զարդարանքի հանդէպ ցուցաբերուած մանրակրկիտ հոգածութեամբ։ Կեդրոնի խաչը, որ շրջապատուած է ճոխ բուսականութեամբ, կը խորհրդանշէ կեանքի աղբիւրը։ Հակառակ գծագրութեան ձեւակերպուած ոճին, դէմքերու արտայայտչութիւնը բացառիկօրէն ուշագրաւ է․ խոր կսկիծ մը կը դրսեւորուի բոլորի դէմքերուն վրայ, բացի Յուդային։ Հայերէն մակագրութիւնները կը ծարայեն իբր վկայագիրեր, որ այդ ժամանակին տարածուած սովորութիւն մըն էր։ Վերեւ կարելի է կարդալ՝ «վերին սենեակ», արտայայտութիւն մը, որ որոշ Աւետարաններու թարգմանութիւններուն մէջ կ՛օգտագործուի իբրեւ այն սենեակը, ուր տեղի ունեցած էր Վերջին Ընթիրը։ Քիչ ներքեւ նկարիչը գրած է՝ «Յիսուս Քրիստոս», «առաքեալներ», եւ ներքեւ՝ «Յուդան կ՛առնէ պատառիկը [այսինքն՝ հացը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մարմինը] եւ դուրս կ՛ելլէ»։

Մանրանկարները կը զարդարեն բազմաթիւ կրօնական ձեռագիրներ։ Թէեւ զանոնք յաճախ ենթարկուած են աւերման կամ կողոպուտի՝ յատկապէս 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին, տասնեակ հազարաւոր ձեռագիրներ յաջողուած է պահպանել միջնադարու ժամանակաշրջանէն ի վեր։ Բարեբախտաբար, Արցախ գտնուող բոլոր ձեռագիրները ապահովութեան տակ առնուեցան Մատենադարանին մէջ՝ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի ձեռագիրներու թանգարանին: