Ecoutez le texte

Զուսպ Հայաստան՝։ Ո՞վ, բացի անոնցմէ, որոնք հոն կ’ապրին կամ ծագումով Հայ են, գիտէ, թէ ան եղած է առաջի՛ն Քրիստոնեայ պետութիւնը։

Ըստ Քրիստոնէական աւանդութեան՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալները քարոզած են այս տարածաշրջանին մէջ, ուստի Հայ Առաքելական Եկեղեցին այդպէս ալ կոչուած է՝ «Առաքելական»։ Սակայն, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն էր, որ երեք դարեր յետոյ դարձի բերաւ Տրդատ Դ թագաւորը։ 301 թուականին Քրիստոնէութիւնը հռչակուեցաւ որպէս թագաւորութեան պաշտօնական կրօն, տասներկու տարիներ նախ քան Միլանի հրովարտակը, որով ան ճանչցուեցաւ իբրեւ օրինաւոր պաշտամունք Հռոմէական Կայսրութեան մէջ։

Նոյնիսկ ա՛յսօր, իր բնակչութեան 98%-ը մնալով հաւատարիմ Քրիստոնէութեան, Հայաստանն աշխարհի այն երկիրներէն է ուր Քրիստոնէութիւնը կը շարունակէ մնալ աշխուժ։ Սակայն, Խորհրդային բռնագրաւման շրջանը շատ ծանր եղած է հաւատացեալներուն համար։ Եկեղեցին ենթարկուած է դաժան հալածանքի՝ ոչ միայն գաղափարախօսական պատճառներով, այլեւ այն պատճառով, որ ան Հայոց ինքնութեան հիմնասիւններէն մէկն էր, զոր Ստալին կ’ուզէր տկարացնել։ Անոր հրամանով կաթողիկոս Խորեն Ա Մուրադբեկեանը (1938) սպաննուած, այլ քահանաներ ու եպիսկոպոսներ հալածուած, ճեմարաններ ու եկեղեցիներ փակուած, իսկ հաւատացեալներ սպառնալիքի տակ պահուած են։ Սակայն, հաւատքը շարունակուեցաւ մնալ ամուր ընտանիքներու մէջ , յատկապէս մայրերուն եւ տատերուն շնորհիւ։ 

Նոյնպէս կարելի է երեւակաել, թէ ի՛նչ մեծ խնամքով պահուած է այս խաչը մինչեւ 1990-ական թուականները: Ան բացառիկ է իր ոճավ, քանի որ ըստ Հայկական աւանդութեան խաչերու վրայ Քրիստոսի մարմինը չի պատկերուիր: Անոնք սովորաբար զարդարուած կըլլան բուսական տարրերով, համապատասխան իրենց կոչման՝ «Կենաց ծառ»։