Ecoutez le texte

Անուանուած «Մենք ենք մեր լեռները», ինը մեթրն բարցրութեամբ այս յուշարձանը կը բարձրանայ Սթեփանակերտի հիւսիսին: Հայերու կողմէ ան վերանուանուած է «Պապիկ եւ Տատիկ»։

Այս անունը ցոլացումն է զգացական ա՝յդ կապին, որ ժողովուրդի մը ինքնութիւնը կը մարմնաւորէ ու կը գտնուի նաև Արցախի զինանշանի կեդրոնին։ Կարուցուած 1967 թուականին՝ քանդակագործ Սարգիս Պաղտասարեանի (1923-2001) կողմէ, ներշնչուելով իր պապիկ ու տատիկէն՝ ձեւաւորելու համար այս տարեց ամոլը, որոնք, առանց պատվանդանի, կարծես ուղղակի հողի երեսէն ելած ըլլան։ Կնոջ դէմքը, որու ձեւը կը յիշեցնէ շրջակայ բլուրները, զարդարուած է աւանդական ոճով լաչակով մը, որ կը ծածկէ դէմքին վարի մասը։

Տեսութեան մը ընթացքին Պաղտասարեան երբ կը խօսէր իր արուեստին մասին, ան ըսած է. «Անո՛նք ժողովուրդն են, անո՛նք հողն են, անո՛նք մենք ենք, մե՛ր լեռները։ Այս մարդիկ այստեղ ծնած են, իրենց հազարամեայ արմատները այստեղ են, եւ անոնք ա՛յս հողի ու բնութեան իսկական տէրերն են»։

Տարածաշրջանին մէջ, մինչ երկրորդ պատերազմը, հարսանիքներու արարողութիւնները յաճախ կ’ընդգրկէին լուսանկարչական նիստ այս տուֆէ կերտուած նախահայրերուն առջեւ, կարծես նորապսակ զոյգը անոնց պաշտպանութեան տակ դնելու համար։

Վերջին շրջանին, Ատրպէյճանի մէջ յառաջացած է թեզ մը, ըստ որուն՝ այս քանդակը, որ ստեղծուած է խորհրդային շրջանին՝ ֆինանսաւորուած ատրպէյճանական միջոցներով. Իսկ Հայերը իւրացուցած են զայն՝ ազգայնական նպատակներով։ Որոշ ձայներ կը բարձրանան՝ պահանջելով անոր քանդումը, եւ յուշարձանին ետեւը վերջերս տարբեր գրութիւններ կատարուած են, որոնց մէջ կը գտնուին ծաղրական արտայայտութիւններ՝ ուղղուած Հայաստանին ու Հայերուն։