Ecoutez le texte

Մի Առաջին Պատերազմի մարտիկ`։ Ահա այսպէս կը ներկայացնէ այդ կինը, որ Սթեփանակերտի շուկային մօտ, իր աղջկան հետ փոքրիկ ճաշարան մը կը վարէ։

Անիկա այդքան ալ զարմանալի չէ. կիներու, բաց ի սովորական միջպետական պատերազմներէ, ճակատամարտերու մասնակցիլը անսովորական չէ՛, զոր օրինակ երբ տարածք մը կ’ըմբոստանայ կամ կը դիմադրէ բռնագրաւումի մը։ Այսպէս ալ եղած էր առաջին Արցախեան պատերազմի ընթացքին։ Խորհրդային Միութեան քայքայման եւ նոր պետութիւններու ստեղծման ժամանակ, զինուած ուժերը տակաւին չէին կազմակերպուած։ Որեւէ կամաւոր, նոյնիսկ որսորդական հրացանով կամ այլ ինքնաշէն զէնքով, կրնար իր գիւղը կամ թաղը պաշտպանելու ելլել։ Թէեւ ընդամէնը 115 կին ստացան առաջին պատերազմի «նախկին մարտիկի» կարգավիճակը, սակայն շատ աւելիներ մասնակցած են առանց պաշտօնապէս ճանչցուած ըլլալու։

Այնուհետեւ, իրավիճակը զգալիօրէն փոխուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Վերջին տասը տարիներու ընթացքին, բանակին մէջ կնոջ դերին ամրապնդումը խրախուսուեցաւ։ Բնակչութեան թիւը նուազելով (նուազ քան 3 միլիոն) եւ միեւնոյն ժամանակ տարեցներու աճին պատճառով, բոլոր մարդկային միջոցները ողջունելի են։ Ռազմական դպրոցներու շարքերը համալրած կիները այժմ կը կատարեն զանազան պարտականութիւններ, ներառեալ՝ մարտական դիրքեր։ Անոնք յատկապէս գնահատուած են որպէս դիպուկահարներ։ Նոյնիսկ վարչապետի կինը, գոնէ խորհրդանշական առումով՛ յանձնառու եղած է։ 2020-ին, ան Արցախցի կանանց խումբի մը համար մարտական պատրաստութեան դասընթացք մը կազմակերպեց եւ մասնակցեցաւ, ապա կազմեց բացառապէս կանանց ջոկատ մը։

Պաշտօնական բանակէն դուրս, բազմաթիւ կիսառազմական կազմակերպութիւններ նպատակ ունին տասնեակ հազարաւոր կամաւորներ պատրաստել տարածքի պաշտպանութեան եւ գոյատեւման նպատակաւ։ Այս կազմակերպութիւնները աւելի մեծ համակրանք վայելել սկսան հետ երկրորդ Արցախեան պատերազմի. կը ենթադրուի որ վերապատրաստ մարծուողներու գրեթէ կէսը կիներ են: Այս խանդը շատ բան կ’ըսէ աճող այն սպառնալիքի մասին, որ Հայերը կ’զգան՝ իրենց երկրի ապագային վրայ։