Ecoutez le texte

Խաչքարերը անկասկած ամենախորհրդանշական գործերն են Հայկական մշակութային ժառանգութեան։ Իններորդ դարէն ի վեր, խաչքարերը՝ բառացիօրէն « խաչի քարերը », տարածուած են ամբողջ երկրին մէջ՝ դառնալով երկրի խորապէս Քրիստոնեայ ինքնութեան նշան։

Կը գնահատուի որ անոնց թիւը քանի մը տասնեակ հազար է։ Ինչպէս կը տեսնուի այստեղ, խաչքարեր առհասարակ կը գտնուին գերեզմանատուներու մէջ որպէս յուշաքարեր՝ փորագրուած աղօթագրութիւններով, իբր խնդրանք հանգուցեալի հոգիի փրկութեանը համար։ Սակայն, խաչքարեր կարելի է հանդիպիլ նաեւ ճանապարհներու եզերքին կամ արահետներու մօտ, մերթ կանգնած՝ յիշատակելու յատուկ դէպք մը, մերթ իբր երկրպագութեան նշան։

Ըստ Հայկական աւանդութեան, խաչքարերու վրայէն շատ անգամ կը բացակայի Քրիստոսի մարմինը։ Փոխարէնը, անոնք կը զարդարուին տերեւներով եւ պտուղներով, որոնք կը խորհրդանշեն կեանքի յաղթանակը մահուան վրայ։ Բուսական այս նախշերը, որ համադրուած են երկրաչափական ձեւերու եւ նրբագեղ զարդանախշերու հետ, կ՛արարեն առանձնայատուկ հարստութեամբ լեցուն զարդարանք։ Շատ յաճախ, խաչը կ՛ուղեկցուի կամարով մը, որ կրնայ խորհրդանշել դուռը, որուն մասին խօսուած է Յովհաննէսի աւետարանին մէջ, ուր Քրիստոս կ՛ըսէ. «Ես եմ դուռը. եթէ մէկը ինձմով մտնէ, կը փրկուի»։

Ցաւօք, Արցախի խաչքարերը այժմ լուրջ վտանգի մէջ են՝ Ատրպէյճանի կողմէ տարածքին բռնագրաւումէն ի վեր։ Գիտնականները, որոնք կը ջանան արձանագրել հայկական հետքերու վերացումն այս շրջանին մէջ, մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպին։ Բաղդատմամբ եկեղեցիներու՝ և այլ կառոյցներու՝, խաչքարերու փոքր չափերը արգելք կը դառնան, որ անոնց կործանումը արձանագրուի արբանեակային պատկերներով, ինչպէս կարելի է ընել եկեղեցիներու պարագային։

Այս վախերը կը խորանան Նախիջեւանի օրինակով՝ ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ գտնուող տարածք մը, որ ժամանակին պատմական Հայաստանի մաս կազմած էր։ Յատկապէս Ջուղայի գերեզմանատունը, որ կը պարունակէր քանի մը հազար խաչքար, ամբողջովին ոչնչացուած է. 2005 թուականէն ի վեր, այդտեղ ոչինչ մնացած է։ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ոչ միայն կը հերքէ այս ոչնչացումը, այլեւ կը ժխտէ, որ այս նեկրոպոլիսը երբեւէ գոյութիւն ունեցած է։