Ecoutez le texte

Կին մը կը փախչի իր զաւակներուն հետ, որոնցմէ մէկը, չնչին կապոցներու կողքին կը կրէ երկու գիրք, իբր խորհրդանշանՀայերու՝ իրենց լեզուին եւ գրական մշակոյթին հանդէպ ունեցած նուիրումը։ Ետեւը կը բարձրանայ Արարատ լեռը։ Հայ ժողովուրդի համար տագնապալի տեսարան մը առասպելական ա՛յդ լեռով, որ անխուսաբելիօրէն կը յիշեցնէ 1915-ի ցեղասպանութիւնը։

Այս աղէտէն առաջ ալ բազմաթիւ կոտորածներ տեղի ունեցած էին։ 19-րդ դարավերջին Օսմանեան Կայսրութիւնը սկսած էր քայքայուիլ։ Տիրապետող այս ընթացքին մէջ, Հայեր՝ ըստ օրէնքի երկրորդ կարգի քաղաքացիներ, սկսած էին պահանջել հաւասար իրաւունքներ, դիտարկուեցան իբրեւ կայունութեան սպառնալիք։ 1894-1896 թուականներուն կայսրութեան տարբեր նահանգներուն մէջ գործուեցան վայրագ սպանութիւններ, բռնաբարութիւններ, թալան եւ կանանց յափշտակումներ։ Զոհերուն թիւը գնահատուած է մոտ 200,000ով։ 1896-ի Նոյեմբերին Ֆրանսայի սոցիալիստական կուսակցութեան ղեկավար Ժան Ժորեսը (1859-1914) պատգամաւորներու ժողովին մէջ կը դատապարտէ «սկսուած այս բնաջնջման պատերազմը» ու Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի անտարբերութիւնը Հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուող «սարսափելի վայրագութիւններուն» նկատմամբ։

Քանի մը տարի ետք, 1908-ին, «Երիտթուրքեր» շարժումը կը կազմակերպէ յեղափոխութիւն մը սուլթանին դէմ եւ իշխանութեան կու գայ՝ Հայ բարենորոգչական կուսակցութիւններու աջակցութեամբ։ Սակայն, փոքրամասնութիւններու հանդէպ ցուցադրուող այս բացուածքը միայն արտաքին երեւոյթ էր. իրականութեան մէջ, շարժման նպատակը համասեռ, ազգային պետութիւն մը կառուցելն էր՝ հիմնուած միայն մէկ ազգի եւ կրօնի վրայ։ Այս քաղաքականութեան լոյսին տակ, 1909-ին Կիլիկիոյ մէջ տեղի ունեցան նոր կոտորածներ, որոնք խլեցին 20,000-30,000 կեանք։

Ասոնք սակայն միայն նախաբանն էին 1915-ի ցեղասպանութեան, որ իրականացուեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, երբ աշխարհի մեծ տէրութիւնները ուրիշ հարցերով զբաղուած էին։ Տասնամեակներ շարունակ հրահրուած ատելութեան ալիքէն ետք, Հայերը այժմ կը մեղադրուէին Ռուսիոյ հետ գործակցելու համար։ Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ աստիճանաբար. նախ ոչնչացուէցան երիտասարդ զինուորականները, մտաւորական վերնախաւն ու հասարակական գործիչները, յետոյ՝ դեռահասներն ու տղամարդիկ։ Ապա սկսան տեղահանումները, որոնց ընթացքին աւելի քան մէկ միլիոն կիներ, երեխաներ եւ տարեցներ աքսորուեցան։ Պաշտօնական մարմիններու կողմէ ասիկա կը ներկայացուէր իբրեւ անվտանգութեան միջոց, սակայն իրականութեան մէջ, անոնք մահուան երթեր էին, որոնց ընթացքին մարդիկ, որ սովի կամ յոգնութենէ չէին մեռներ, կը սպաննուէին։ Ընդհանուր առմամբ, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ապրող երկու միլիոն հայերէն երկու երրորդը ոչնչացուեցաւ։ Հետագայ տարիներուն, առանձին սպանութիւններ ու նոր կոտորածներ պիտի ամբողջացնէին սկսուած այդ սարսափելի ծրագիրը։

Այդ օրերուն, ցեղասպանութեան հասկացութիւնը դեր սահմանուած չէր, ու հակարակ այդ առիթով «մարդկութեան դեմ հանցագործութիւն» եզրաբանութիւնը ձեւաբանուած ըլլալուն, մեղաւորները չպատժուէցան: Սակայն Միացեալ Ազգերու կողմէ աւելի ուշ՝ 1948ին հաստատուած «ցեղասպանութեան» սահմանումը անկասկած կարելի է կիրառել այս պարագային: Բայց եւ այնպէս Թուրք եւ Ազէրի պետութիւնը կը շարունակեն հերքել ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Այս երկու դաշնակիցները կը յաւակնին ընդհանուր ճակատաքիրի մը՝ ըստ իրենց «Երկու պետութիւն, մեկ ազգ» կարգախօսին: Ամէնապարզօրէն կարելի է քարտէս մը դիտարկել՝ հասկնալու համար, որ Հայաստանի գոյութիւնը կը խոչնդոտէ բաղձացուած միաւորման այդ ծրագիրը: Հայաստանը թակարդուած է թշնամական այս երկու պետութիւններու միջեւ. Հայերը՝ յիշելով իրենց պատմական դառն փոռձարութիւնները, գիտեն, թէ ի՛նչ կարելի է սպսել՝ տեսնալով Արցախի Հայերու ճակատագիրը: