Ecoutez le texte

Կառուցուած 13-րդ դարու սկիզբին, Գանձասարի վանքը կը համարուի Հայկական միջնադարեան արուեստի ամենագեղեցիկ ստեղծագործութիւններէն մին, յատկապէս իր քանդակազարդ զարդարանքներու ճոխութեան շնորհիւ։ Վանքի եկեղեցին նուիրուած է Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին:

Ըստ աւանդութեան սուրբին գլուխը, որ կտրուած էր կառավարիչ Հերովդէս Անտիպասի հրամանով՝ Սալոմէի խնդրանքին համաձայն, խաչակիրներու ժամանակաշրջանին այստեղ թաղուած է։ Վանքին նկարագեղ, ծալքաւոր կոնի ձեւով գմբեթը որ կոչուած է «հովանոցաձեւ գլխարկ», կը ներկայացնէ գմբեթի ձեւ մը, որ յատկապէս տարածուած է Հայաստանի մէջ 11-րդ դարէն ի վեր։ Առաջամասին գտնուող «գաւիթ»-ը, իբրեւ մուտքի նախասրահ, բնորոշ է այդ ժամանակաշրջանի Հայկական վանական ճարտարապետութեան։

Ինչպէս շրջանի բոլոր խորհրդանշական յուշարձաններու պարագային, Ատրպէյճան այսօր կը պնդէ, թէ Հայաստանը վանքը պղծած ու վնասած է, որպէսզի զայն իրեն վերագրէ, եւ սխալօրէն կը վերագրէ անոր ծագումը Ալպանացիներուն կամ Կովկասեան Ալպանացիներուն, ժողովուրդ մը որ ապրած է սոյն շրջանին մէջ առաջին հազարամէակի միջոցին: Անոնց մեծ մասը իսլամացած է 7-րդ դարուն Արաբական գրաւման ժամանակ, սակայն փոքրաթիւ մէկ մասը մնացած է Քրիստոնեայ։ Պաքուն կը շահարկէ այն փաստը, որ Գանձասարը ժամանակ մը եղած է Կովկասեան Ալպանիոյ պատրիարքական աթոռը։ Սակայն իրականութեան մէջ Ալպանական Քրիստոնեայ եկեղեցին միշտ մնացած է Հայկական եկեղեցւոյ հովանիին տակ եւ նոյնիսկ ընդունած է անոր լեզուն։ Ուստի՝ այս աթոռին ներկայութիւնը եւ վանքի Հայկական ինքնութիւնը լրիւ համատեղելի են։

Առաջին Արցախի պատերազմի ընթացքին ծանրօրէն վնասուած վանքը վերանորոգուած ու տակաւին մինչեւ 2020 թուականը կը գործէր ու կը համարուէր շրջանի հոգեւոր կեդրոններէն մին։ Այսպէս, 2008 թուականին, «մեծ հարսանիք»-ի ընթացքին, երբ մօտ եօթը հարիւր զոյգեր միաժամանակ ամուսնացած էին, թէեւ մեծ մասը նախընտրած ըլլալով նախկին մարզային մայրաքաղաք Շուշիի կաթողիկէն՝, մօտաւորապէս հարիւր երեսուն զոյգեր ընտրած էին Գանձասարի վանքը։ Հաճելի յիշատակ մը, յայտնապէս հակադրէլով տիրապետող ներկայ լռութեան: Այսօր վանքին մուտքը խիստ փակուած ո՛չ ոք կրնայ մուտք գործել այնտեղ: