
Դադիվանքը կը գտնուի պատմական Արցախի Վերին Խաչեն գաւառի մոտ, տեղաւորուած անտառածածկ բլուրներու միջեւ, Դադիվան լեռան լանջին՝ Թարթառ գետի ձախ ափին:
Ան իր անունը առած է Սուրբ Դադիէն (կամ Դադոյէն)՝ առասպելական աշակերտ մը, որ կը վերագրուի Քրիստոսի առաքեալներէն Սուրբ Թադէոսի որ աւետարանած է Հայաստանի մէջ։ Վանական համալիրի երեք եկեղեցիներէն մէկուն տակ գտնուող սրբոց դամբարանը կը համարուի Սուրբ Դադիի գերեզմանը։
Օժտուած գեղարուեստական հարուստ ժառանգութեամբ, միջնադարեան Հայկական արուեստի այս գոհարը՝ որուն կառուցումը աւարտած է 13-րդ դարուն, կը համարուէր նաեւ դարաշրջանի ամենակարեւոր Հայկական վանքերէն մէկը։ Ան կը բաղկանար մօտ քսան շէնքերէ, որոնց մէկ մասը մասամբ պահպանուած, նուիրուած էր ծիսական նպատակներու, ինչպէս այս եկեղեցին եւ մատուռը։ Մնացեալ շէնքերը կը ծառայէին վանականներու հիւրընկալութեան, խոհանոցային կամ այլ գործունէութիւններու համար։
Եկեղեցւոյ պատերուն վրայ փորագրուած են բազմաթիւ Հայերէն արձանագրութիւններ, որոնք կը վկայէն անոր կառուցմանը 1214 (կամ 1234) թուականին՝ Հաթերքի իշխանուհի Արզու-Խաթունի նախաձեռնութեամբ ի յիշատակ իր նահատակուած ամուսնոյն ու երկու որդիներուն՝ Հասանի եւ Գրիգորի։ Հարաւային ճակատին վրայ կարելի է կարդալ հետեւեալը. «Իմ անդրանիկ որդիս՝ Հասանը, սպաննուած է Քրիստոնէական հաւատքին համար՝ Թուրքերուն դէմ պատերազմի ժամանակ, իսկ իմ կրտսեր որդիս՝ Գրիգոր, անցաւ Քրիստոսի մօտ՝ թողելով իր թշուառ մայրը անմխիթար սուգի մէջ»։ Նոյն ճակատին վրայ քանդակ մը կը պատկերացնէ երկու որդիները՝ եկեղեցւոյ մանրակերտը իրենց ձեռքերուն մէջ։
Հակառակ Հայերէն այս արձանագրութիւններու, խաչքարերու եւ այլ բացառիկ Հայկական արուեստի գործերու ներկայութեան, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը այսօր կը պնդէ, թէ վանական համալիրը իր երկրի մշակութային ժառանգութեան կը պատկանի եւ թէ Հայաստանը «կեղծած է» զայն՝ իրեն վերագրելու համար։ Պաքուն կը յայտարարէ վերականգնումի ծրագիր մը, որ, ըստ իրենց, կ’ապահովէ «պատմական ճշմարտութեան» վերականգնումը։ Սակայն, ինչպէս Հայկական ծագում ունեցող այլ յուշարձաններու պարագային, Դադիվանքը նենգօրէն կը վերագրուի Կովկասեան Ալպանացիներուն։ Այս Քրիստոնեայ ժողովուրդը, որ ապրած էր առաջին հազարամեակին եւ հիմնականօրէն բնակուած էր այժմեան Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ, ունի քանի մը հազար ժառանգորդներ, որոնք կը պատկանին Ուդի ազգայնութեան։
2020 թուականի Նոյեմբերին Հայկական հոգեւորականները ստիպուէցան լքել վանքը, իսկ ուխտաւորները՝ հրաժեշտ տալ սրբավայրին, որու կառավարումը ներկայիս փոխանցուած է Ուդի համայնքին։