
«Մի թէ օր մը պիտի կարենա՞նք վերջապէս խաղաղ ապրիլ։»
Այս է առաջին հարցումը, որ լուսանկարիչին ուղղած է այդ գիւղացին, որ կը զտէ դեղային խոտերը, վաճառելու համար շուկան։ Որքա՜ն լաւ ըմբռնելի է այս։ Ծնած՝ Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմի ընթացքին, այդ երիտասարդ կինը օրօրոցէն ի վեր ճանչցած է ռումբերու ձայնը, վախը, վաղուան անորոշութիւնը…։ Երբ 16 Մայիս 1994-ին՝ վեց տարի տեւած պատերազմէն ետք, հրադադարի համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ, իր ծնողները հաւանաբար իրեն ըսած էին, թէ պատերազմը վերջ գտած է։ Սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէր. խաղաղութեան պայմանագիր մը երբեք չստորագրուեցաւ՝ այդ տարածքի ճակատագիրը վերջնականօրէն որոշելու համար։
Երիտասարդ աղջիկը՝ դեռ պատանի, թերեւս պատկերացուցած էր հանգիստ ապագայ՝ «հաստատուած սահմանի» (status quo) մի քանի տարիներուն ընթացքին, սակայն՝ ի զուր։ Որովհետեւ 2008-էն սկսեալ, երբ տակաւին երիտասարդ աղջիկ էր, թշնամանքը դարձեալ սկսաւ բացայայտ կերպով կայծ առնել։ Կաոնաւոր պարբերութեամբ, սահմաններուն վրայ տեղակայուած զինուորներու կեանքը խլող բախումները ջլատեցին իր յոյսերը։ Վերջապէս 2016-ին, սկսաւ քառօրեայ Ապրիլեան պատերազը, որը նախաձեռնուած էր ազրպէյճանական բանակի յարձակումով։ Այս քառօրեայ պատերազմը, որ հազարաւոր զինուորներ ընդգրկեց, 1994-էն ի վեր հրադադարի ամենալուրջ խախտումն էր, բոլորին ցոյց տուաւ, որ հարցը չէր լուծուած։ Այդ երիտասարդ կինը այն ատեն զգաց, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ ամէն ինչի կրկնութեան՝ նամն իր մանկութեան օրերուն։
Եւ իսկապէս, չորս տարի անց, 2020 Սեպտեմբերին, Պաքուն նոր պատերազմ մը սանձազերծեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Հակարակ 44 օր տեւող մարտերէն յետոյ ստորագրուած հրադադարին, ան երեք տարի ապրեցաւ կասկածի եւ մշտական տագնապի մէջ, սրտին մէջ վախը, որ նորընծայ աղէտ մը կրնար կրկին տեղալ։ Եւ այդպէս ալ եղաւ՝ 2023-ի Սեպտեմբերին։
Եթէ նոյնինք ինք երկրորդ պատերազմը վերապրեցաւ, որուն ընթացքին մի տասնեակ խաղաղ բնակիչներ զոհուեցան, եւ եթէ նոյնիսկ մնաց մայր Հայաստանի մէջ՝ նոյնպէս գաղթականներու մեծամասնութիւնը, արդեօք կարո՞ղ է ան դեռ հաւատալ, որ վերջապէս օ՛ր մը թոյլատրեն որ ան ապրի խաղաղութեան մեջ։