
Աւանդական հայկական հացը՝ լաւաշը, պատրաստել առանձնայատուկ արհեստագիտութիւն կը պահանջէ։
Խմորը՝ որ կե բաղկանայ ալիւր, ջուր եւ աղէ, փորձարու կանայք մեծ վարպետութեամբ կը շաղուեն, արհեստավարժ պիցցայի խմոր պատրաստողներու նման եթէ ո’չ աւելի լաւ։ Այնուհետեւ, զայն կը բաժնեն գնդիկներու, որոնք վերջապէս կը տափակցուին այնպիսի ձեւերով, ինչպէս կ’ընէ այս գիւղացի կինը։ Ճարպիկութեամբ կը դիզուին՝ գրեթէ կը փակցուին, իւրաքանչիւր խմորակը աւանդական թոնիրի պատերուն, անջատելով զանոնք քանի մը վայրկեան ետք՝ կէս եբած վիճակով։
Արօրեայ կեանքի մէջ, լաւաշը յաճախ կը փաթթուի նրբաբլիթի (crêpe) նման, լեցնելով զայն տեղական պանիրով, բանջարեղէններով կամ միսով, սովորութիւն մը որ ընդհանրապէս կարելի է պահպանել երբ ապրուստի պայմանները թոյլ կու տան։ Ցաւօք՝ Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը Դեկտեմբեր 2022-Սեպտեմբեր 2023 ժամանակահատուածի միչեւ չափազանց վատացած էր, անկարելի դարձնելով Հայաստանէ մթերք ներածելու կամ ապահուելու միջոցները՝ Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած շրջափակումի պատճառաւ։ Ամբողջ ամիսներու ընթացքին, սննդամթերքի պակասը երթալով աւելի սաստկացաւ՝ ստեղծելով աւերածութեան տեսարաններ, ինչպէս օրինակ՝ առտու կանուխ սկսող սպասողներու երկար շարքեր՝ գրեթէ դատարկ խանութներու առջեւ։
Բացարձակ սովի պայմաններ սկսան հաստատուիլ, եւ Օգոստոս 2023ին, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 40-ամեայ տղամարդու մը մահը՝ հետեւանքը բազմամսեայ յոռի սննդարութեան։ Միջազգային շարք մը փորձագէտներ այս շրջափակումը «ցեղասպանութիւն» որակեցին՝ մատնանշելով ՄԱԿ-ի՝ «Ցեղասպանութեան Յանցագործութիւնը Կանխարգիլելու եւ Պատժելու» պայմանադրութիւնը։ Ըստ այդ համաձայնագիրին՝ «ազգային, ազգայնական, ցեղային կամ կրօնական խումբի մը դիտմամբ ենթարկումը այնպիսի պայմաններու, որոնք պիտի առաջնորդեն անոր ամբողջական կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացման», ցեղասպանութիւն ու միաժամանա՛կ միչազգային ոճիր կը համարուի։
Ամիսներով զրկանքներու ենթարկուելով ուժաթափ եղած՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները չկարողացան որեւէ դիմադրութիւն ցոյց տալ, երբ 2023 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճան վճռական յարձակումով ստիպեց անոնք վերջնական գաղթի։