Ecoutez le texte

Լեռներու այս անվերջանալի յաջորթականութիւնը բնորոշ է Արցախի արեւմտեան հատուածին, որն է արեւելեան Հայաստանի բարձրավանդակի շարունակութիւնը։

Ինչպէս կը վկայէ տարածաշրջանին անունը, այս խիտ լեռնային զանգուածի միջին բարձրութիւնը մօտաւորապէս 1,100 մեթր է, իսկ չորս գագաթները կը գերազանցեն 3,000 մեթրը։ Տարածքի մեծութիւնը կարելի է համեմատել Ֆրանսայի փոքր նահանգներէն մեկուն, զոր օրինակ՝ Վերին Սավուա «Haute-Savoie» մոտաւորապէս 4,390 քառակուսի մեթրով։ Բաղդատմամբ Կովկասեան չափանիշներու, Արցախի տարածքը փոքր կրնայ ըլլալ, սակայն ան ունի կարեւորագոյն առաւելութիւն մը՝ իր ջրային պաշարները։ Ձմեռուան ընթացքին լեռները կը ծածկուին առատ ձիւնով, մինչ լանջերը կը խաչաձեւուին բազմաթիւ գետերով՝ վերածուելով բնական ջրամբարի։ Հրաբուխային ծագում ունեցող բերրի հողերու հետ միասին, այս ջրառատութիւնը նպաստած է գիւղատնտեսութեան զարգացման՝ լեռնահարթավայրերու եւ հովիտներու վրայ, ուր արմտեղէնի, պտղատու ծառերու եւ բանջարեղէնի մշակումը բարգաւաճած է՝ շնորհիւ տեղւոյն նպաստաւոր կլիմայական պայմաններուն։ Ի դէպ, «Ղարաբաղ» անունին մէջի «բաղ» Պարսկերէն բառը կը նշանակէ «այգի»։

Բնաշխարհի լեռնային բնոյթը նաեւ կը նշանակէ դժուար հասանելիութիւն։ Մինչեւ 2020 թուականի երկրորդ պատերազմը, Արցախի անջատուած տարածքը՝ շրջապատուած Ատրպէյճանով, միայն երկու ճանապարհով միացած էր Հայաստանին՝։ Թէեւ այս մեկուսացումը արգելք էր առեւտրական եւ այլ կապերու զարգացման, սակայն ան նաեւ ունեցած է որոշակի ռազմավարական առաւելութիւններ։ Պատմութեան ընթացքին այս բնական ամրոցը ծառայած է իբրեւ ապաստան՝ յարձակումներու ենթարկուած ժողովուրդներու համար։ Շատ անգամներ տարածաշրջանը ունեցած է որոշակի ինքնավարութիւն անկախ կեդրոնական իշխանութիւններէն։ Այս պայմաններու մէջ, ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած է խառնամիտ հոգեբանութիւն մը, որ ներառած է վճռակամութիւն, անկախութեան ձգտում եւ խոր յարաբերութիւն հայրենի հողին հետ։ Այս անխախտ կապի պայծառ խորհրդանիշն է «Մենք ենք մեր լեռները» հսկայ արձանը, որ կանգնած է Սթեփանակերտի մօտ եւ զարդարած է Արցախի զինանշանը, խորհրդանշելով այն խոր յարաբերութիւնը, որ տեղացիները ունէին իրենց հողին հետ՝ մինչեւ 2023-ի տեղահանումը։