Ecoutez le texte

Պատմութիւնը, ցաւօք, կրկնուեցաւ այս հօր եւ իր որդիին համար։ Մանուկ տարիներուն, հայրը մաս կը կազմէր Պաքուի՝ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ բնակող հայկական համայնքին։

1990-ի Յունուարին, առաջին պատերազմի ծիրին մէջ, ջարդ մը կը կատարուի այս բնակչութեան դէմ։ Շատ մը ընտանիքներ, ներառեալ իր ընտանիքը, պարտաւորուած կ’ըլլան փախչելու երկրէն։

2017-ին, երբ լուսանկարիչ Իւան Թրավէրը կը հանդիպի անոր, ան արդէն արմատ նետած էր եւ ընտանիք մը կազմած՝ Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ։ Սակայն այս պարզ երջանկութիւնը երկար պիտի չտեւեր։ Երեք տարի ետք, 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմը կը բռնկի, եւ քաղաքը կը գրաւուի Ատրպէյճանի կողմէ։ Թէեւ այս պատերազմի միջոցին ան չսպաննուեցաւ, սակայն դարձեալ արմատախիլ եղաւ։ Իսկ իր որդին իր հօր նման նոյն ճակատագրին ենթարկուեցաւ՝ նման տարիքի մէջ։

Անոնց ճակատագիրը լաւ կը պատկերացնէ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ դարաւոր հակամարտութիւնը։ 20-րդ դարու պատմութեան մէջ այս հակամարտութիւնը բազմաթիւ անգամներ արտայայտուած է զանազան կոտորածներով եւ բռնի տեղահանումներով։ Սակայն վերջին տարիներուն, հայատեացութեան բուռն քարոզչութիւն մը տարածուած է Ատրպէյճանի պետական ամենաբարձր մակարդակներէն։ Բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ մտահոգութիւն յայտնած են այս թշնամական հռետորութեան առընչութեամբ, որ լայնօրէն կը տարածուի մամուլի ու հասարակական ցանցերու միջոցաւ։

Նախագահ Իլհամ Ալիեւը յաճախ կ’օգտագործէ այս հռետորաբանութիւնը՝ հայերը անուանելով «բարբարոս եւ վանդալ», «հիւանդներ», որոնք վարակուած են «ժահրով»։ 2020-ին, ան բացայայտօրէն յայտարարեց, որ իր զօրքերը «շուներու պէս» քշեցին հայերը Լեռնային Ղարաբաղէն։ Այս քարոզչութիւնը նպատակ ունի ձեւաւորելու երկրի բնակիչներու մտածողութիւնը՝ մանկութենէն սկսեալ։ Եւրոպայի խորհուրդը կը նշէ, որ ատրպէյճանական դպրոցական դասագիրքերն ալ հայերը կը ներկայացնեն խիստ բացասական ու միակողմանի կերպով։ 

Պաշտօնապէս քաջալերուած այս հայատեացութեան խորհրդանիշներէն մէկն է Ռամիլ Սաֆարովի դէպքը։ 2004-ին, ՆԱԹՕ-ի կազմակերպած դասընթացի մը ընթացքին՝ Պուտափեշթի մէջ, այս ատրպէյճանցի սպան վայրագութեամբ սպաննեց քնացող հայ զինուոր մը՝ միայն իր ազգութեանը պատճառաւ։ Հունգարական դատարանը զինք դատապարտեց ցմահ բանտարկութեան, սակայն ան հետագային արտայանձնուեցաւ եւ հերոսացուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ։ Իլհամ Ալիեւը ոչ միայն ներման արժանացուց զինք, այլեւ պարգեւատրեց։

Վերջին շրջանին, այս բացայայտ ատելութիւնը գործի դրուած է նաեւ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու համար։ Ալիեւը յաճախ Հայաստանը կը կոչէ «Ատրպէյճանի Արեւմտեան շրջան»՝ ակնարկելով նոր յարձակման հաւանականութեան։ Այս բոլորը կը սպառնան տարածաշրջանի խաղաղութեան հեռանկարին եւ այս հօր ու որդիին ապագայի յոյսերուն։