Ecoutez le texte

Բռնագրաւելով Արցախը՝ Ատրպէյճանը նաեւ ձեռք ձգեց անգին բնական նախանիւթեր։

Խաչենի հանքերէն կը հանուի պղինձ, որուն մէջ կը գտնուի նաեւ մոլիբդեն՝ բազմակողմանիօրէն օգտագործուող մետաղ մը, որ կարեւոր դեր ունի բազմաթիւ ոլորտներու մէջ։ Այս տարածքը նաեւ հարուստ է շահութաբեր ոսկիի հանքերով։ Այս հանքերու զգալի մեկ մասը կը շահագործուի Բրիտանական «Anglo Asian Mining» ընկերութեան կողմէ, որուն Պաքուն տրամադրած է աւելի քան 1,000 քառակուսի քիլոմեթր տարածք՝ երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Ընկերութեան պաշտօնական կայքէջը Ատրպէյճանը կը ներկայացնէ իբրեւ «բազմակուսակցական ժողովրդավարութիւն», որ կը պարծենայ իր «մարդկային իրաւունքներու լաւ ցուցանիշովը»:

Ուրիշ թանկագին նախանիւթ մըն է ջուրը, որուն պահանջարկը նման չոր տարածքային շրջանի մը մէջ երթալով կ’աւելնայ, յատկապէս ներկայ կլիմայական փոփոխութիւններու պատճառաւ։ Արցախը հարուստ է լեռնային գետերով, ինչպիսիք են Որոտանը, Թարթառը եւ Խաչենը։ Այս ջրային համակարգին վերին հոսանքը վերահսկելը կը նշանակէ լիարժէք տիրապետել ջրային պաշարներուն։ Սովետական շրջանին կառուցուած ջրամբարները հնարաւորութիւն կու տան ջուր ամբարելու, յատկապէս ձիւնհալին ժամանակ, իսկ ջրաէլեկտրակայանները կը շահագործեն անոր զօրութեան ներուժը։

Վերջապէս, հրաբուխային ծագումով բերրի հողերովը, այս փոքր տարածքը հարուստ է նաեւ գիւղատնտեսական պաշարներով։ Նախ քան բռնագրաւումը Արցախի, 130,000 հեկտարէ աւելի վարելահող մշակուեր էր, ուր պտղատու ծառերու ու խաղողի այգիներու շարքին կը գտնուէին հացահատիկի եւ բանջարեղէնի դաշտեր։ Բարձրավանդակներու զգալի մասը ծածկուած է արօտավայրերով, որոնք կ’օգտագործուէին անասնակեր ապահովելու համար։ Այս տարածքները շատ թանկարժէք էին Հայ անասնապահներուն համար, որոնք պատերազմէն առաջ ամրան ամիսներուն իրենց հօտերը կ’ուղղարկէին արածելու, այժմ զրկուած ըլլալով այդ հնարաւորութենէն։