Ecoutez le texte

Հայաստանէն ներս կամ սփիւռքի մէջ, գրեթէ ոչ մէկ հարսանիք տեղի կ’ունենայ առանց պսակելու նոր հարսն ու փեսան։

Անշուշտ պսակներու տեսքերը կրնան տարբեր կերպարանք արնել. անոնք կրնան ըլլալ պա՛րզ ժապաւէն մը կամ գոհարներով յարդարուած, ընդօրինակելով երեւելի անձերու պսակները։ Այսօր սակայն, աւելի յաճախ, կը գործածուի հիւսուած ժապաւէն մը՝ բաղկացած կարմիր եւ սպիտակ երկու թելերէ։ Ամէն պարագայի, այս արարողութիւնը կը յիշեցնէ Քրիստոնեայ առաջին թագաւորական զոյգը՝ Տրդատ Դ. եւ իր կինը Աշխէն, դառցնելով նորապսակները այսպէս իրենց տան թագաւորն ու թագուհին։

Ճակատ ճակատի ու ձեռք ձեռքի տալով, նորապսակները կը խորհրդանշեն Աստուածաշունչի այն հատուածները, ուր կը նշուի, թէ մարդ իր հայրն ու մայրը պիտի լքէ, որպէսզի միանայ իր կնոջ եւ երկուսը մէկ մարմին պիտի դառնան։ Խաչը բռնող ձեռքը կը պատկանի կնքահայրին, որ կը կոչուի «խաչեղբայր»։ Ըստ Հայկական աւանդութեան, տարբերանալով ներկայ սովորութենէ, նորապսակներու կողմէ ընտրուած խաչեղբայրն ու խաչքոյրը ամուսնացած զոյգ մը պէտք է ըլլան։ Անոնք կը մասնակցին թէ՛ արարողութեան պատրաստութեան եւ թէ՛ ապագային, ուղեկցիլով հարսն ու փեսան իրենց ամուսնութեան կեանքին մէջ։ Երկար ժամանակ գոյութիւն ունեցած սովորութիւն մը որ այժմ ի զօրու չէ, կը պահանջէր, որ «խաչեղբայր» ըլլար նաեւ զոյգին բոլոր զաւակներուն կնքահայրը։

Յետ պսակադրութեան արարողութեան, քահանան նորապսակներուն կը մատուցէ գինիով բաժակ մը որ զոյգը ըմպէ, ի յիշատակ պատմական Կաննա հարսանիքին։ Քահանայական արարողութենէն յետոյ տեղի ունեցող խնճոյքի ընթացքին, Հայկական աւանդական հացը՝ լավաշը, նաեւ կարող է խորհրդանշական դեր ստանձնել։ Նուրբ հացակտոր մը կը դրուի իւրաքանչիւր նորապսակի ուսին վրայ, իբր բերրի ու բարեբեր ապագայի մը մաղթանք։