
Այս հօր ուշադիր հայեացքը ուղղուած է իր աղջկան, որ կ’երգէ հայրենասիրական օրհներգեր։ Երգեր՝ որոնք այժմ կը հնչեն թախծոտ, քանի որ այն «անառիկ բերդը» որուն մասին կը խօսին, ինկաւ ու անոր բնակիչները ստիպուեցան փութով փախչիլ 2023-ի Սեպտեմբերին։
Ինչպէս իր հարեւանները, նոյնպէս ալ ինք հաւանաբար կարողացաւ միմիայն մի քանի կտոր ապրանք ու տան բանալին հետ տանիլ։ Ատրպէյճանի պարտադրած ամիսներ տեւող շրջափակման հետեւանքով զրկումներու ենթարկուելով տկարացած, ան աքսորի ճամբան բռնած է, հաւանաբար առանց գիտակցելու թէ այլեւս պիտի չտեսնէ իր գիւղը։
Ներկայիս այս մէկը իրականութիւն է, որովհետեւ Կարին Թագ՝ այս մարդուն ծննդավայրը, այլեւս գոյութիւն չունի։ Ինչպէս միւս Արցախեան գիւղերու մեծ մասը, նոյնպէս Կարին Թագ ալ անվանափոխուած է. Ատրպեյճանական իշխանութիւնները հայկական տեղանունները փոխարինած են ազերիականով։ Ստեփանակերտն այլեւս Խանքենդի է, Շուշին դարձած է Շուշա, Կարին Թագը վերանուանուած է Դաշալթի։
Միաժամանակ, հայկական ինքնութիւն ունեցող կառոյցներն ալ ոչնչացուած են եւ կը ոչնչացուին … եկեղեցիներ, խաչաձեւ ձեւաւորումով հաղորդակցութեան աշտարակը, Արցախի խորհրդարանը Ստեփանակերտի։ Սակայն Կարին Թագի ճակատագիրը շատ աւելի արմատական եղած է. գիւղը ամբողջովին քանդուած է եւ իր տեղ բոլորովին նոր բնակավայր մը կը կառուցուի։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անձամբ այցելած է նոր բնակելի համալիրի հիմնաքարը դնելու, ապա, քանի մը ամիս ետք, ապահովելու մզկիթի մը շինարարութեան պատշաճ ընթացքը։ Կառավարութիւնը նախատեսած է տեղաւորել աւելի քան հազար բնակիչ, տրամադրելով առաջնահերթ հանրային ծառայութիւններ։ Ինչպէս այլ գիւղերու պարագային, այստեղ ալ կը նախատեսուի տեղաւորել ազերի ընտանիքներ, որոնք սովետական շրջանին ապրած են սոյն տարածաշրջանին մէջ, այլ նաեւ նոր ընտանիքներ, հրապուրուած պետութեան կողմէ կառուցուած նորակառոյց բնակարաններով։
Այս հսկայ վերաբնակեցման ծրագիրը, որ պաշտօնապէս Ատրպէյճանի պետական առաջնահերթութիւն է մինչեւ 2030 թուականը, կը ծառայէ այդ նպատակին որն է համակարգուած կերպով ջնջել հայկական ներկայութեան բոլոր հետքերը՝ ոչ միայն պատմական վանքերը, այլ ամբողջ տարածքի հայկական ինքնութիւնը։