
Նկարը ցոյց կուտայ Շուշի եկեղեցիի մը մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոս մը որ իր եպիսկոպոսական գաւազանը յանցնած է իր ձախին գտնուող սարկաւագին։
Շքեղօրէն զարդարուած վերնազգեստը յատկապէս կը նշանակէ թէ անձը պարզ քահանայ մը չէ։ Պիրկ օձիքը, որ միացած է վերնազգեստին, խորհրդանշականօրէն կ’ապահովէ անոր վիզը սատանայի նետերէն։ Բուրվառէն տարածուղ խունկը, որ աղօթքի խորհրդանիշն է՝ բարձրացող դեպի Աստծուած, Հայկական ծէսին մէջ շատ լայնօրէն կը գործածուի։ Հայկական եկեղեցիներու մէջ հոգեւոր հիվիւը միշտ կը պատարաքէ հաւատացեալներու ժողովէն վեր՝ խմբարանէն քանի մը աստիճաններով բարձրացող յարթակի մը վրայէն, ուր կը տիրապետէ խորանը։
Կղերականին ոտքերը ծածկուած կըլլան միմիայն գուլպաներով կամ նախատեսուած յատուկ մուճակներով, որ կը յիշեցնէ Աստուածաշունչի այն հատուածը, ուր Աստուած կը հրահանգէ Մովսէսին՝ հանել իր տրեխները բոցավառ թուփին դիմացը։ Պատարաքը մատուցանող հոգեւորականը ամբողջ պատարագի ընթացքին կը մնայ խորանին առջեւ ու ստիպուած է ծնրադրել հաղորդութիւն տալու համար։
Հաղորդութեան «երկու նիւթերը»՝ հացը ու գինին, կը ներկայացնէն Քրիստոսի մարմինը ու արիւնը: Հաղորդութեան հացը կը մատուցուի թաթխուած գինիին մէջ։ Նախ մատուցման քահանան կը թուէ որոշ մեղքեր, եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ հրաւիրուած է մտային քննութիւն մը կատարելու։ Անոր յաջորդելով՝ մեղքերու թողութիւն կը շնորհուի ամբողջ հաւաքոյթին։ Թէեւ հաւատացեալները կրնան նստիլ արարողութեան որոշ բաժիններուն ընթացքին, աթոռներու գործածութիւնը միայն 1920-ականներէն ի վեր արտօնուած է։ Նախապէս հաւատացեալները կը հետեւէին ծէսին կամ կանգնած, կամ ծնրադրած։ Մինչեւ վերջերս այս սովորութիւնը դեռ գոյութիւն ունէր Արցախի որոշ գիւղերուն մէջ։
Տարեկան որոշ տօներ կը տարբերին Կաթոլիկներու նշած տօներէն։ Օրինակ՝ Սուրբ Ծնունդը կը տօնուի ոչ թէ Դեկտեմբեր 25-ին, այլ Յունուար 6-ին, միասին Քրիստոսի Մկրտութեան եւ Աստուածայայտնութեան հետ, որ կը համապատասխանէ Եփիփանիային։ Շաբաթական պատարագը, ինչպէս նաեւ կրօնական մեծագոյն տօներու մեծ մասը, կը կատարուին միայն Կիրակի օրերը։