
Այս աղջնակը, որ լուսանկարուած է 2017 թուականին, հազիւ տասը տարեկան էր 2023ին՝ երբ յարձակած էր Ատրպէյճան Արցախի վրայ։
Հետեւաբար աւելի քան 100,000 բնակիչներ մի քանի օրուան ընթացքին ստիպուեցան խոյս տալ, լքելով իրենց տուները, գիւղերն ու ծնողքներու գերեզմանները։ Ճանապարհը դեպիՀայաստան՝ մղձաւանջային էր … մարդաշատ ու գերբեռնուած մեքենաներով, հետիոտն քալողներով՝ տկարացած ինը ամսուայ շրջաբակման հետեւանքով։ Միայն սահմանը անցնելէ վէրջն էր որ պիտի կարենային մի փոքր շունչ առնել։
Կարմիր Խաչ եւ այլ կազմակերպութիւններ հիմնեցին փախստականներու ճամբարներ, ուր տրամադրուած էին անհրաժեշտ պիտոյք, մինչ տեղացի ժողովուրդի սրտաբուխ զօրակցութիւնը մասամբ մխիթարած էր յոգնած ու յուսահատ աքսորեալները։ Արտասահմանէն ալ հասան նուիրատուութիւններ, ղրկուած զանազան ՕԳԳ-ներէ (NGOs), սփիւռքահայերէ նաեւ շարք մը պետութիւններէ, ինչպէս՝ Ֆրանսա:
Հետ սկզբնական շփոթի, Հայաստանի կառավարութիւնը դատարկ հանրային շէնքերը վերածեց ժամանակաւոր կացարաններու, պարպուած բնակարաններ գտաւ որպէսզի ընտանիքներ ընդունի, եւ տրամադրեց ժամանակաւոր նիւթական օժանդակութիւն, որ գաղթականները ստացան շուրջ վեց ամիս։
Ինչ կը վերաբերի երեխաներուն, ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ը եւ այլ կազմակերպութիւններ ապահովեցին մանկատածան խնամք, բայց աւելի կարեւորը՝ հոգեբանական աջակցութիւն։ Բժիշկները նկատեցին, որ անոնց մեծամասնութիւնը կը տառապի ծանր հոգեկան անհանգստութեան ախտանշաններէ, ինչպէս՝ մղձաւանջներ, անկողին թրջել, անզուսպ լաց, ինքնամփոփութիւն՝ բոլորը տխրութեան, տագնապի, վախի ու զայրոյթի խոր զգացումներու նշաններ։ Անոնց բուժման օգնելու նպատակով կազմակերպուեցան խօսքի, արուեստի եւ մարմնամարզութեան ծրագիրեր։ Երեխաներ դարձեալ դպրոց արձանագրուեցան, իրենց առօրեան գոնէ թեթեւ չափով բնականացնելու նպատակաւ։
Այնուամենայնիւ, այդպէս կը թուէր, թէ ընտանիքներու որոշ մեկ մասը չէր ցանկանար մշտապէս բնակութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ։ Սկզբնական ջերմ ընդունելութիւնը սկսած էր տեղի տալ ու վերածուիլ անտարբերութեան կամ նոյնիսկ թշնամական վերաբերման։ Միախմբուելով Հայաստանի տնտեսական դժուարութիւններու՝ բարձր վարձքեր, 14 տոկոսի հասնող անգործութեան մակարդակը՝ … այս կացութիւնը շարք մը նորեկներուն կրկին գաղթի Ճամբան բռնելու պատճառ դարձաւ։ Կը գնահատուի, որ մօտ 20,000 հոգի մեկնեցան, յատկապէս Ռուսաստան, որ վերջին 30 տարիներէ ի վեր Հայուն համար եղած էր տնտեսական ներգաղթի կեդրոն:
Նոյնիսկ մնացողները դժուար կը պատկերացնեն ապագայ մը Հայաստանի մէջ։ Բռնի աքսորէ մը ետք, հազիւ 5,000 հոգի Հայաստանի քաղաքացիութեան դիմում կատարած են։ Գաղթականներուն մեծամասնութիւնը չէ ընդունած կառավարութեան այս առաջարկը, կարծես հրաժարելով լքել վերադարձի իրենց յոյսը: